2012-06-29 07:16:27

«Սուրիոյ Համար Աշխատանքային Խմբակ»-ի Ժողովը` Շաբաթ Օր.


ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննան երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ համար աշխատանքային խմբակ»-ի ժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ` Ժընեւի մէջ: Ան նշեց, որ ժողովին նպատակը Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծումը ամբողջութեամբ հաստատելը եւ սուրիական ղեկավարութեամբ քաղաքական փոխանցման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելն է:
Մինչ այդ, Աննանի տեղակալ Ժան-Մարի Ժեհինօ յայտարարեց, որ Աննան մտադիր է յառաջիկայ շաբաթ օր Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ բարձրաստիճան ժողով մը գումարել եւ կը ջանայ «առաջարկուած արդիւնքներուն շուրջ հասարակաց կեցուածք» գոյացնել:
Աննանի տեղեակալ Ժեհինօ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գործակալութեան նիստին ընթացքին յայտնեց, որ «անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին այս ջանքերը կեդրոնացան Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակի մը յառաջացման վրայ: Յատուկ պատուիրակը մտադիր է, որ (ժողովը) գումարուի Ժընեւի մէջ` 30 յունիսին»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներու յայտնեց, որ Հիլըրի Քլինթըն Ժընեւի մէջ 30 յունիսին նախատեսուած Սուրիոյ մասին ժողովին պիտի մասնակցի «միայն այն պարագային, եթէ այս խորհրդաժողովին մասնակիցները հաստատեն իշխանութենէն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման կարեւորութիւնը»:
Միւս կողմէ ինչպէս ծանօթ է «ահաբեկչական զինեալ խմբակ մը» երէկ առաւօտեան յարձակում գործեց սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանի կեդրոնին վրայ եւ զայն կողոպտելէ ետք` ականահարելով քանդած է կայանը : Այս յարձակումին պատճառով երեք լրագրողներ սպաննուած են եւ շէնքի չորս պահակներ վիրաւորուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.